Թիւ 165 - «ՄԵՆՔ ՉՀԱՆԳԱՆՔ ԴԵՌ ԿԸ ԳԱՆՔ» (Հ.Մ.Ը.Մ. ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

«Սարդարապատում ամէն բան նորից սկսուեց, երբ ամէն ինչ պիտի վերջանար այնտեղ» պատգամեց հայրենի եղերաբախտ բանաստեղծը, «Սրբազան քաջերու» անունով վկայագրելով, թէ՝

«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,

Երբ տայ զանգը, ահազանգը

Որ մեր հոգու պարտքը տանք»։

Սեւակեան պատգամէն երեք տասնամեակ ետք, այսօր, «հոգու պարտքը» տալու աներկիւղ պատրաստակամութեամբ «մենք չհանգանք դեռ կը գանք» կը գոչեն Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի բազմահարիւր անդամները եւ անոնց հետ միասին Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը։

«Մենք չհանգանք»ի սրտագին գոչիւնը այսօր կու գայ շրթներէն ա՛յն սերունդին, որուն մեծ հայրերու եւ հայրերու սերունդները՝ Սարդարապատով իրենց զիրենք ճանչցող հայո՛ւ զաւակները, հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի բորբ կարօտով, սփիւռքեան աստանդական իրենց կեանքին մէջ երդուեցին ամէն բան սկիզբէն սկսիլ, երբ կը կարծուէր թէ ամէն ինչ ինչ պիտի վերջանար Սփիւռքով։

Ու եթէ ոչ ամէն բան, լիբանանահայութեան համար գէթ շատ բան սկսաւ Պուրճ Համուտով, որուն երկունքը չապրեցան «երկինքն ու երկիրը», այլ՝ թշուառ ու տարագիր այն հազարաւորները, որոնք հիւղաւաններէ եւ որբանոցներէ նոր դուրս եկած՝ համեստագոյն միջոցներով կերտեցին թիթեղն ու քարը հայաշատ այս շրջանին։

Քարկոփները եւ քարկոփներու սերունդը, սակայն, շուտով անդրադարձաւ քարի ու կառոյցի շնչաւորման կարեւորութեան եւ շատ աւելի համեստ միջոցներով եւ կարելիութիւններով ստեղծեց միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք մարդակերտումի եւ հայակերտումի վառ հնոցներ հանդիսացան յաջորդական սերունդներու։

Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտ, 60-ամեայ յոբելեարը Լիբանանի մէջ, մէկն էր յիշեալ միութիւններէն, որ գործունեայ տարիներու իր կեանքով թէ անդամներու թիւով կրնար այնքան ալ չտարբերիլ այլ միութիւններէ, եթէ երբեք ան չյատկանշուէր ու չգնահատուէր Պուրճ Համուտի եւ անոր ճամբով Սփիւռքի հայութեան հոգեմտաւոր եւ մարմնակրթական մարզերու զարգացման իր բերած պատկառելի ներդրումով։

Իրողութիւն է, որ հայ կեանքի իւրաքանչիւր տրոփին հետ շնչող ու ապրող հնոց մը հանդիսացաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտ, 60 տարիներ շարունակ սկաուտական եւ մարզական ճառագայթող գործունէութիւն ծաւալելով մեր կեանքին մէջ։ Քանակ եւ որակ ունեցաւ ան միաժամանակ, որակաւոր քանակի պատրաստութեան իրեն յատուկ առինքնող մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջ։ Մարդկային ազնուագոյն արժէքներու եւ հայկական վսեմ իտէալներու ջամբումի մթնոլո՛րտ մը, որուն քուրային մէջ թրծուողները եթէ նոյնիսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ չշարունակեցին իրենց երթը, ապա ապահովաբար դարձան ու մնացին ազնիւ քաղաքացիներ, ուր որ ալ գտնուեցան անոնք։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի հնոցին մէջ թրծուած հայորդիներու, պարզ անդամներ թէ վարիչ-պատասխանատուներ, այսօր կարելի է հանդիպիլ քիչ մը ամէն գաղութի մէջ։ Որակաւոր քանակի ներկայութեան աշխարհատարած վկայութիւն մը, ինչ որ անկասկած պատիւ կը բերէ մասնաճիւղին եւ տեւաբար անոր գուրգուրացող եւ իր զաւակները յանձնող Պուրճ Համուտի սքանչելի ժողովուրդին, որ քաջածանօթ է արեւելեան այն իմաստութեան, թէ՝ «Կաթով փոխանցուած դաստիարակութիւնը հոգիին հետ դուրս կու գայ միայն»։ Իսկ Պուրճ Համուտի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նորահաս սերունդներուն կը փոխանցուի կաթի՛ն հետ, հազիւ թէ դողդոջուն գայլիկ մը իր առաջին կանչերուն հետ սորվի երգել՝

«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք»…

Տարածենք