Թիւ 71-72 - ՏԵՂԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆ

 

Շեղումներու ամէնէն դիւրին եւ ամէնէն անառարկելի թուող չքմեղանքն է այս.- «Տեղական պայման»։

Գաղութէ գաղութ կամրջումի, կանոնագրային (երբեմն նաեւ, ափսո՜ս, ծրագրային) նոյնութեան գլխաւոր, չըսելու համար միակ խոչընդոտն է այս. «տեղական պայման»ը։

Տեղի-անտեղի, գիտակցաբար-անգիտակցաբար, շատ եւ միշտ գործածուող դեղահատ է ասիկա՝ «տեղական պայման»ը, որուն անխնայ գործածութիւնը անկասկած թոյն է, փոխանակ բալասան ըլլալու։

Անշուշտ կա՛ն անոնք՝ «տեղական պայմաններ»ը եւ սուտ չեն, շինծու չեն, կեղծ չեն. նաեւ կան անոնք, որ պատրուակ չեն, չքմեղանք չեն։

Կան՝ ճակատագրականօրէ՛ն։

Սակայն ամբողջ հարցը կը կայանայ զանոնք՝ այդ «տեղական պայմաններ»ը չէզոքացնելու, անոնց դէմ մաքառելու մէջ։

Այլապէս անձնատուութիւն է, հաշտուածութիւն է, ընկրկնում է եւ աւազախրում։

***

Իր բազմա-տեղացիութեամբ, արտասահմանը բնականօրէն բազմատեսակ պիտի դարձնէր հայ զանգուածները՝ ի սփիւռս աշխարհի։

Որքան երկիր, այնքան օրէնք։ Որքան երկիր, այնքան կենցաղային հասկացողութիւն։

Հետեւաբար, ո՛ւր հայկական գաղութ՝ հոն տարբեր օրէնք. ո՛ւր հայկական օճախ՝ հոն այլ կենցաղ. ո՛ւր հայկական խմբաւորում՝ հոն նոր իրավիճակ։

Ճիշդ է, որ նորն ու նորարարութիւնը մեզ չեն մտահոգեր, մեզ չեն վախցներ։

Մեր ամբողջ պատմութիւնը վկայ, մենք եղած ենք նաեւ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՂ ժողովուրդ։ Որքան տուած ենք մեր շրջապատին, նոյնքան եւ թերեւս աւելին առած ենք մեր շրջապատէն։ Սակայն «առնուած» ամէն բան հայացուցած ենք, մարսած ենք, դարձուցած ենք մերը։

Ընդօրինակած ենք բա՛ն աւելցնելով ու բա՛ն փոխելով։ Այդ իսկ պատճառաւ, հակառակ հազարամեայ մեր տարիքին, մնացած ենք երիտասարդ։

Ազգովի՛ն։

Նաեւ,

Կասկածէ վեր է ու վէճի առարկայ չի կրնար դառնալ, որ պարկեշտ քաղաքացի ենք ու պիտի մնանք պարկեշտ քաղաքացի։ Պարկեշտ քաղաքացիութիւն Սփիւռքի մէջ մեր գոյութեան ապահովութենէն անկախաբար ու անկէ վեր՝ մեր ազգային ինքնահաւատարմութեան չափանիշն է, մեր հաւաքական օրինակելիութեան գրաւականն է, մեր ցեղային մաքրութեան փաստն է։

Երբեք երախտամոռ չենք եղած։ Ոչ ալ՝ խնդրայարոյց։

«Տեղական պայմաններ»ուն դէմ, տեղական սովորութիւններուն դէմ, տեղական բարքերուն դէմ, տեղական հասկացողութիւններուն դէմ, մեր նպատակներուն անյարիր բարոյական ըմբռնումներուն դէմ եւ ընդհանրապէս տեղական ու ՏԵՂԱՅՆԱԿԱՆ ամէ՛ն զգացումի դէմ պատնէշուելու այս հրաւէրը ժխտումը չէ լաւը իւրացնելու կարողութեան, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ պարկեշտ քաղաքացիութեան։

Պարզապէս, հայու նկարագիրն ու խառնուածքը, հայու բարոյական կերպարը անաղարտ պահելու մտահոգութիւնն է այս մէկը։

Պարզապէս, արտասահմանի մէջ, հայրենի լեռներու վրայ ապրած հայուն պէս հայ մնալու համար է այս մէկը, որ գործ է ու առաքելութիւն։

ՀԱԿԱՌԱԿ տեղական պայմաններուն՝ դիմացկունութիւ՛նն է սպասուածը, ՀԱԿԱՌԱԿ տեղական պայմաններուն՝ մեր խառնուածքը անաղարտ պահելու աշխատա՛նքն է պահանջուածը։

Հարցը այն է նաեւ, որ «տեղական պայմաններ»ուն պատճառաւ ընդհանրական գործեր չձախողին, լճացում չյառաջանայ, հաշտուածութիւնը չկաշկանդէ եռանդին թռիչքը։

Այս է գերագոյն, գերագոյն պահանջը բոլոր երկնակամարներու տակ գործող բոլո՛ր հայորդիներէն.- Դէ՛մ տեղականին ու տեղայնականութեան։

Տարածենք