Թիւ 21 - ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋՊԱՐ

 

Բոլո՛ր գաղութներուն մէջ, օգտագործելով բոլո՛ր առիթները, ամէ՛ն բնոյթի միութիւն կը կազմակերպէ ձեռնարկ։

Ձեռնարկները կը միտին մշակոյթի տարածման, կը միտին մէկտեղուելու, երբեմն տօնական օր մը պանծացնելու, բայց ընդհանրապէս, թաքուն կամ բացայայտ, ձեռնարկները կը մնան նիւթական գոյացնելու միջոց։

Երբեմն այնքան բազմաթիւ կþըլլան ձեռնարկները, որ հանրութեան մէջ դժգոհութեան ալիք կը բարձրանայ։ Ժողովուրդը որո՞ւն հասնի։ Ո՞ր հրաւէրը ընդունի, մերժէ ո՞ր մէկը։

Սակայն, վերջին հաշուով, բախտաւոր են ա՛յն գաղութները, որոնք ձեռնարկ ընելու միջոց ունին, ունին առ այդ անհրաժեշտ մարդուժ, քան անոնք, որոնք ձեռնարկի ծարաւէն կը տառապին։

Դիտուած է, որ ձեռնարկներու տարողութիւնը, ինչպէս եւ յաջողութեան մեկնակէտը մեծ աղերս ունին յայտարարուած նպատակին հետ։

Ակումբի կամ դաշտի գնո՞ւմ. ժողովուրդը անակնկալի կը բերէ քեզ։ Յուսացածէդ միշտ աւելին կը ստանաս։ Ժողովուրդը դրամ կու տայ, փոխարէնը իրեն հետ կը տանի շինարարի հպարտանքը։ Ազգային նկարագրի բնական արտայայտութիւն մը կը տեսնես հոս։

Կրթական օճախ մը բա՞ց ունի։ Ձեռնարկը կը դառնայ բալասան։

Ընթացիկ ու տարեկան ձեռնարկները անգամ ամէն տարի քիչ մը աւելի կը գերազանցեն անցնող տարին։

Իրենց արդիւնքէն դատած, ձեռնարկները կը յայտնաբերեն ցեղային արժանիքի մը գոյութիւնը։ Տակաւին՝ կը փաստեն գոյութեան եւ գոյատեւելու կամք մը։

***

Քաղաքացիական պատերազմ, անորոշութիւն, ռումբ։

Տարտղնուած, երբեմն քանդուա՛ծ տնտեսութիւն, անորոշութիւն՝ ամէն ճակատի վրայ։

Բայց ահաւասիկ Լիբանանի մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի ութ մասնաճիւղերէն մէկը ակումբ-դաշտ գնելու անհրաժեշտութիւնը կը յայտնէ շրջապատին, կը կազմակերպէ ձեռնարկ ու կը յաջողի հաւաքել աւելի քան վեց հարիւր հազար լ. ոսկիի գումար մը։ Մէկ գիշերուան մէջ, մէկ հաւաքոյթով։

Առաջին երեւոյթը չէ այս Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ, ոչ ալ յատուկ է այս երեւոյթը միայն լիբանանահայութեան։

Ամէն տեղ, ուր երկու հայորդի քով-քովի եկած են, մտածած են իրենց մատուռին մասին, անոր քով՝ դպրոցին, ու անոնց մօտ՝ ակումբին։ Միշտ ալ կարկինը բացուած է փոքր, ապա լայննալու համար։ Այս՝ արտասահմանեան ցեղային մեր երթը եղած է։

Սեփական դաշտերը մատուռի, դպրոցի ու ակումբի մթնոլորտը խտացուցած են յաճախ, ու երիտասարդութիւնը աճած է ե՛ւ մարմնով ե՛ւ հոգիով, ի պատկերի իւրում հարազատ։

Ձեռնարկներու շուրջպարը վա՛յ որ դադրի։

Ձեռնարկներու շուրջպարը վա՜յ որ պարպուի իր վախճանական նպատակէն։

Բայց մեր ոսկի ժողովուրդը եւ մեր գաղափարականը վկայ, քանի կանք՝ պիտի շարունակուի ձեռնարկներու ընդմէջէն հոգիներու շուրջպարը, աւելի կայտառ, աւելի հաստատական, մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ...

Տարածենք