Թիւ 20 - ՆՈ՞Ր ՏԱՐԻ

 

Որո՞նց համար։

«Նոր»ի փնտռտուքը ունին միայն անոնք, որոնք յուսախաբ են հինէն։

Նորի փնտռտուքը ունին նաեւ անոնք, որոնք ունի՛ն, բայց չեն գնահատեր իրենց ունեցածը, որոնք կ’ակնկալեն՝ առանց յստակացնելու իրենց փափաքը, որոնք աչք ունին, բայց չեն տեսներ։

Նորի մէջ հինի շարունակութիւնն է փնտռուածը սակայն, այն, որ նոր երեւալու համար ինքնաժխտումի չ’երթար, բայց որ կ’առաջադրէ գումար, թուաբանութեան չորս գործողութիւններէն ալ վեր, կը բանաձեւէ ջնջումի ունայնամտութիւն մը։

Նոր չէ նորի եւ հինի բախումը, որ իմաստուններուն համար միայն անցման շրջան է, սահմանագծային խուզարկում եւ թէ նորը հիննալու դատապարտուած է վերջին հաշուով եւ հինը՝ նորով վերածնելու, ինչպէս ցանուելու սահմանուած ցորենի հատիկ։

Նոր կամ հին տարի՛ն։

Բայց մենք դարերո՛ւն կոճակ դարձուցած ենք եւ կ’երդնունք, որ մեր Նոր Տարին ուշ է եկած, բայց անցած՝ ասուպի արագութեամբ։

Թերթատե՞ր էք Հայոց Պատմութիւնը։

Մեր ժողովուրդը իր Ծնունդի՛ օրէն Ծնունդ ուզած է տօնել, բայց այդ առիթը տրուած չէ իրեն։

Հազիւ վառեր են մոմերը, փոթորիկներ մարե՛ր են զանոնք։

Հարցը այն է, որ մենք Նոր Տարի չենք ունեցած եւ Նոր Տարի ունենալու համա՛ր միայն ապրած ենք, ու կը շարունակենք ապրիլ։

***

Նոր Տարին ե՞րբ պիտի գայ։

Մե՛ր Նոր Տարին։

Հրապարակ նետեր ենք մեր հողի աւիշը՝ որպէս ընտրեալ արիւն. Կ’ապրինք հինը, կը ձգտինք նորին, մոռցեր ենք միայն մեր այսօրը, բայց տակաւին չերեւցան մե՛ր մոգերը։

Յոյսը մեր յամառութիւնն է միայն, ոչ թէ Նոր Տարիներու շարունակականութիւնը։

Դժբախտ ենք, սակայն դժգոհ չենք մեր դժբախտութենէն։

Ոչ ոք պիտի հասկայ մեզ. անհասկնալի մնալու ուխտ չունինք, սակայն կը մերժենք ընթացիկ դառնալու մեղրահամ հրաւէրները եւ կը ծառանանք մեզ ընթացիկ դարձնելու որեւէ ճնշումի դէմ։

Մեզ միայն մեր հո՛ղը կը հասկնայ եւ մե՛նք միայն կը հասկնանք մեր հողը։

Մենք Նոր Տարի ունինք, որ պիտի գայ...

Մեր Նոր Տարիին իրական աստղեր պիտի տողանցեն, իրական կաղանդ պապաներ պիտի գան անջրպետէն, իրական պիտի ըլլան ծառերը, եւ մոմերը շինուած պիտի ըլլան անխառն մեղրէ։

Մեր Նոր Տարիին պիտի լսուին շարականներ, ծնծղանե՛ր պիտի ընկերանան հուռաներուն եւ մեր լեռները, մեր ձորերը, անտառները լեզու առած՝ պիտի երգեն։

Բարութեան, արութեան եւ արդար քրտինքի ժողովուրդին Նոր Տարին պիտի ըլլայ մերը, եւ մեզի այցի պիտի գայ՝ աշխա՛րհ։

Նոր Տարի՞ն։

Նո՞ր Տարին։

Մեր Նոր Տարին սերունդներո՛ւ ստեղծագործութիւնը պիտի ըլլայ, եւ միայն այն ժամանակ պիտի գրկենք զիրար, պիտի հրաժարինք մեր փայփայած տառապանքէն եւ ողջունենք զիրար։

Մինչ այդ, բոլոր Նոր Տարիներուն պիտի նայինք կասկածանքով, բոլոր Նոր Տարիներուն պիտի ձեւացնենք ուրախանալ եւ բոլոր Նոր Տարիներուն կեղծ, կեղծ, կեղծ Կաղանդ պապուկներով պիտի ողողենք հրապարակը։

Մինչ այդ, ներկայացող իւրաքանչիւր Նոր Տարին պիտի քննենք, զայն պիտի հռչակենք անվաւեր եւ պիտի շարունակենք մե՛ր Նոր Տարիին փնտռտուքը։

Այս պիտի մնայ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը, որպէս Նոր Տարի փնտռող ժողովուրդի, Նոր Տարի ապահովելու համար ճակատ մեկնող երիտասարդի։

Տարածենք