Թիւ 2 - ՄԱՐԶԻԿԸ, ՄԱՄՈՒԼԸ, ԳՐԱԳԷՏԸ

 

Հայ թէ միջազգային գրականութեան մէջ մարմնամարզի զանազան արտայայտութիւնները ընդհանրապէս մամուլի՛ ճամբով արձանագրուած են եւ, այդ իսկ պատճառաւ, եղած են աւելի արդիւնքներո՛ւ տախտակ, քան վկայարան ապրումի՛։

Մամուլը մնացած է իր սահմանին մէջ, այսինքն՝ իրմէ ակնկալուածին, մարմնամարզը շարունակած է կիրարկուիլ մարդու ծնունդէն ի վեր, սակայն գրագէտը տակաւին վարանած է այդ ճամբով լուսարձակի տակ առնելու մուսան, ներշնչումի վերածելու իրողութիւն մը, որ ոչինչ ունի ընթացիկ։

Մարզական աշխարհը ներկայացնելու համար սխա՞լ պիտի ըլլայ դիմել թիւերու փաստին, ֆութպոլի խաղ մը դաշտ կրնայ հաւաքել հարիւր հազարաւոր հանդիսական, պատկերասփիւռին առջեւ գամել քանի մը միլիոն մարդ։

Մարզիկներուն հետ կը տառապին բազմութիւններ, պարտութեան մը պարագային անձնասպանութեան պարագաներ կþարձանագրուին, յաղթանակի մը պարագային մարդիկ գինիի տակառներ կը պարպեն կէս գիշերէն առաւօտ ու մինչեւ յաջորդ քանի մը արշալոյս։

Հանդիսատես ու դերակատար (մարզիկ) կը նոյնանան մագնիսական պահերու մէջ, ամբողջ մասսա մը վայրկեանը վայրկեանին կþանցընէ անձկութեան արձանագրելի՛ պահեր, կը համբուրէ երջանկութիւնը, կþապտակուի յուսախաբութենէ, կը ժպտի յոյսին հետ, որոշ ժամէ մը կը քալէ ճշդուած այլ ժամ ու կը սկսի հեւալ ժամանակէն առաջ ու ետք։

Ա՛յս է մարզական աշխարհը, սակայն ո՞ւր է մարզիկի՛ն աշխարհը. աշխարհ, որ գիրով կþարձանագրուի, որպէսզի ընթերցումով երակներէն անցնի սիրտին։

Մէկ երկվայրկեան ժամանակով, երկվայրկեանէ՛ն ալ պակասով կարենալ մրցանիշ հաստատելու համար, մարզիկը քանի՜ տարուան յամառութիւն, ճիգ, զոհողութիւն, լարուածութիւն, կարգապահութիւն, պայքարելու ոգի, խանդավառութիւն, հաւատք ու կանոնաւորութիւն պէտք է պարտադրէ ինքն իրեն։ Հաւաքական խաղերու (ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ) յաղթանակի մը համար որքա՜ն փորձ է պէտք, ճարպիկութիւն, ընկերասիրութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, գործակցութեան ոգի եւ չարքաշ աշխատանք։

Մարզական մամուլ ունեցեր ենք, բաւարար-անբաւարար, ընդմիջումներով կամ անընդմէջ, ունեցեր ենք. սակայն՝ մամուլի՛ սահմաններուն մէջ, լրատուի՛ մակարդակով։

Չենք ունեցած միւսը։

Մինչդեռ մեր գրագէտներէն ոմանք անպայման անցեր են դաշտերէ, խաղացեր են ֆութպոլ, հաստատեր են վազքի մրցանիշներ, տողանցներ են որպէս գայլիկ ու սկաուտ, մասնակցեր են բանակումներու։

Հետեւաբար, անկարելի չէ եւ արդար է, որ դնդերներու խռովքը դառնայ գրականութիւն։ Առ այդ գործ ունին կատարելիք հաւասարապէս երեքը՝ մարզիկը, մամուլը, գրագէտը։

Տարածենք