Թիւ 420 - ՈԳԻ, ՆԿԱՐԱԳԻՐ ԵՒ ԴՐՈ՛ՇՄ

 

Մեծերէն մէկն ալ գնաց։

Եղբայր Պատրիկ Կիւլպէնկեանի մահով ամբողջ ժամանակաշրջան մը պատմութիւն դարձաւ։ Գեղեցիկ, փառաւոր եւ յիշատակելի ժամանակաշրջան մը, որուն կերտիչները հանդիսացան եղբայր Պատրիկն ու իր սերնդակից հոյլ մը նուիրեալները՝ Բիւզանդ Թորիկեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Վարուժան Մուրատեան, Յարութիւն Գեղարդ, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Կարօ Թիւթիւնճեան, Միհրան Շիմշիրեան եւ ուրիշներ։ Անջնջելի իր դրոշմով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի երկրորդ սերունդն է այս, արժանաւոր յաջորդը Յովհաննէս Շահինեաններու, Նշան Թիւսիւզեաններու, Յովհաննէս Պայթարեաններու, Վարդգէս Տէր Կարապետեաններու եւ անոնց գործակից անդրանիկ սերունդին։

Այսպէս, հիները կը մեկնին, նորերը կը շարունակեն - գէթ կը ձգտին շարունակել ¬ ինչ որ հիները չեն կրնար կատարել, կամ ժամանակ չեն ունենար կատարելու։ Բոլոր ժամանակներու, բոլոր սերունդներու ճակատագիրն է այս,- ձգտիլ, տքնիլ եւ հասնիլ կատարելագոյնին ու լաւագոյնին։ Արդարեւ, հոն ուր կանգ կ’առնէ ձգտումը, հոն կանգ կ’առնէ յառաջդիմութիւնը։

Մեծնալու, բարձրանալու, յառաջդիմելու առաջին պայմանն է ձգտիլն ու տքնիլը։ Ասիկա սովորական պայման մը չէ, կանոն է, պատգա՛մ է, զոր հիները կ’ուղղեն նորերուն։ Այդ պատգամին նպատակը այն չէ, որ նորերը ձգտումներով տարուած՝ կտրուին իրականութենէն եւ մնան օդին մէջ, այլ՝ այն է, որ անոնք կտրուին օդէն եւ մնան իրականութեան ամուր գետնին վրայ։

Կեանքի մէջ դժբախտութիւն է բարձրանալու ձգտում չունենալը։ Դժբախտութիւն է մանաւանդ բարձրանալէ ետք բարձունքի կատարին առանձին մնալը, առանց նմանները իր հետ բարձրացնելու մարդկային ազնիւ ձգտումին։ Անոնք որոնք ձգտելու կիրքն ու մղումը չունին, անոնց ճակատագիրը «մեռնիլ է» քսան տարեկանին եւ թաղուիլ… ութսունէն ետք։ Այլ խօսքով, վաթսուն տարի «մեռած» ապրիլ։ Ասիկա ճիշդ է մարդոց համար, ճիշդ է նաեւ միութիւններու եւ ժողովուրդներու համար։

Ահա թէ ինչո՛ւ, հիներու մեկնումով, նորերու ուսերուն կը մնայ իրենց միութիւնը, շրջապատն ու ժողովուրդը «իրենց պատկերով» վերակառուցելու պարտականութիւնը։ Իսկ վերակառուցման աշխատանքին համար բաւարար չէ միայն գիտնալը, անհրաժեշտ է մանաւա՛նդ կարենալը։ Գիտուն մարդէն, վկայեալ անձէն աւելի գործօ՛ն մարդն է փնտռուածը։ Մարդ, որ ունենայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, կամք, վճռականութիւն, եւ այս բոլորէն առաջ՝ նկարագիր եւ դրո՛շմ, որովհետեւ սերունդներ իրենց դրոշմն է, որ պիտի տան այն ժամանակաշրջանին, որուն մէջ կ’ապրին եւ որուն մէջ իրենց յաջորդները պիտի ապրին։

Նորերը կը դատուին համաձայն իրենց գործերուն եւ ոչ՝ իրենց խօսքերուն կամ գաղափարներուն։ Որքան հարուստ ըլլան անոնց բարոյական արժէքներն ու միութենական սկզբունքները, այնքան հարուստ կ’ըլլայ անոնց գործը։ Որքան խոր ըլլայ իրենց կնիքը ժամանակին եւ տարածութեան վրայ, այնքան անջնջելի կ’ըլլայ անոնց հետքը սերունդներու վրայ։

Գիտենք, որ ընկերութիւններու մէջ սովորաբար քանի մը հոգի միայն կը գործէ, իսկ մնացեալը կը զբաղի կատարուած գործին արժեւորումով։ Քանի մը հոգի միայն կը ստեղծէ, իսկ միւսները կը սպառեն։ Քանի մը հոգի միայն կը կառուցանէ, միւսները կը նորոգեն կամ… կը քանդեն։ Քանի մը հոգի միայն նոր ուղի կը բանայ, իսկ մնացեալը կը հետեւին։ Քիչեր միայն նոր պայմաններ կը ստեղծեն, մինչդեռ մեծամասնութիւնը կը յարմարի օրուան պայմաններուն։

Նորերը պէտք է որոշեն, հետեւաբար, թէ գործեր արժեւորո՞ղ պիտի ըլլան թէ գործեր կատարող։ Ստեղծո՞ղ թէ սպառող։ Կառուցանո՞ղ թէ նորոգող։ Ճամբայ բացո՞ղ թէ հետեւող։ Շրջապատի պայմաններուն յարմարո՞ղ թէ իրե՛նք նոր պայմաններ ստեղծող։

Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի տրուին գործով ամէն բանէ առաջ եւ ոչ՝ խօսքով։ Իսկ գործը կը գնահատուի հաւատքի իր կշիռով, ծառայութեան այն չափով, որուն լծուած են գործը կատարողները։ Ի վերջոյ, մեծ գործերը կ’իրագործուին մեծ հաւատքով եւ անչափելի ծառայութեամբ։ Ի վերջոյ նաեւ, աւելի դժուար է հաւատքը խախտելը, քան՝ գիտութիւնը։

Անշուշտ, այսօրուան աշխարհին մէջ գիտութիւնն ու հմտութիւնները ունին իրենց անուրանալի դերը, սակայն անոնք անբաւարար են Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութեան մը համար, ուր ոգին գերակշիռ է՝ քան մնացեալ բոլոր առաւելութիւնները։ Գիտութիւնը եւ հմտութիւնները ուսանելի են, մինչդեռ ոգին մարդոց հետ կը ծնի ու կ’ապրի։ Ամէն բան կը հիննայ ու կը մաշի, միայն ոգին չի հիննար ու չի մաշիր։ Տաղանդ ըսուածն ալ այդ ոգին է արդէն։ Ոգի ունի՞ն նորերը։ Եթէ ունին, կը յաջողին։ Եթէ չունին, կը ձախողին։

Եղբայր Պատրիկ Կիւլպէնկեանը եւ իր սերնդակից նուիրեալները ոգի՛ ունէին, նկարագիր եւ դրո՛շմ ունէին, անոր համար ալ իրենց շիրիմները այսօր կ’ամփոփեն ինչ որ կորնչելի է իրենցմէ, միւսը՝ անկորնչելին արդէն իսկ կը պատկանի իրենց ժողովուրդի պատմութեան եւ իրենց միութեան ժառանգութեան հարո՛ւստ գանձարանին։

Տարածենք