Թիւ 411 - ԱԶԳԱՅԻ՛Ն ԱՐԺԷՔ

 

Ամէն իմաստով տարբեր եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները։ Ձեռնարկներու սովորական շարք մը չեղան անոնք, ո՛չ ալ «մենք մեզմով» կատարուած յաւուր պատշաճի հանդիսութիւններ եղան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները իրենց համահայկական տարողութեամբ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մասնակցութեամբ եւ համաժողովրդային խանդավառութեամբ, պատմութեան անցան, իբրեւ հետք ու դրոշմ ձգող հանդիսութիւններ, խորք ու թելադրականութիւն ունեցող ձեռնարկներ։

Տօնակատարութիւններ շատ կատարուած են ու դեռ պիտի կատարուին, սակայն այն ինչ որ Յուլիս 2018-ին Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ, աննախընթաց էր իր ձեւով ու բովանդակութեամբ, հետեւաբար նաեւ արժանի՝ յատուկ ուշադրութեան եւ խորհրդածութեան։

Խորհրդանշական կերպով, 100-ամեակի ջահավառութիւնները ընթացք առին չորս վայրերէ, որոնք հայութեան նահատակներուն եւ միութեան հիմնադիրներուն անժամանցելի պատգամները կը փոխանցեն։

100-ամեակի նուիրուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը, 1200 մասնակիցներով, ինքնին նուաճում մը կարելի է նկատել միութեան պատմութեան մէջ։ Բանակումի նախօրեակին, 17 խմբապետներու ուխտագնացութիւնը Արեւմտահայաստան եւ Արարատի գագաթին 100-ամեակի ջահերէն մէկը վառելու յանդուգն նախաձեռնութիւնը, իրաւա՛մբ, կրնայ նկատուիլ պատմական այլ իրագործում մը, որուն մասին դժուար թէ կարելի ըլլար երեւակայել մինչեւ մօտիկ անցեալը։

Ու տակաւին, պէտք է երկար կանգ առնել տօնակատարութիւններու եւ ոգեկոչումներու ոսկէ շղթային այն օղակներուն վրայ, որոնք երկարեցան Բիւրականէն Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուրէն Վազգէն Սարգսեանի անուան սպայից վարժարան, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակէն Կիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակ, անցնելով Սփիւռքի նախարարութեան սրահին մէջ կազմակերպուած 100-ամեակի գիտաժողովէն, հասնելու համար օփերայի պաշտօնական հանդիսութեան եւ կալա-ընթրիքին՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահին, օփերայի հանդիսութեան պարագային՝ նաեւ ներկայութեամբը եւ պատգամովը Հայաստանի վարչապետին։

Հանդիսութիւններուն առընթեր, 100-ամեակը մեր ժողովուրդին տուաւ միութեան թանգարանին ալպոմը, 100-ամեակի դրոշմաթուղթը եւ ժամացոյցը, որոնք ընթացիկ յուշանուէրներ ըլլալէ աւելի՝ փառաւոր անցեալի մը յաւերժացումը նշեցին։

Հայրենի պետութիւնը իր աւագանիով, Հայ Եկեղեցին իր նուիրապետական Աթոռներով ու համայնքային հոգեւոր պետերով, ազգային մարմիններն ու կազմակերպութիւնները իրենց ներկայացուցիչներով ներկայ եղան, ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին 100-ամեայ յոբելեարը, մինչ հաւատաւոր միութենականներ իրենց քսակները լայն բացին, կնքահայրութիւն կատարեցին, որպէսզի արժանավայել յարգանքն ու գնահատանքը մատուցուի ա՛յն միութեան, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնաւ եւ անցնող մէկ դարուն, տարուէ տարի աճեցաւ, զօրացաւ եւ համահայկական հպարտութեան աղբիւր դարձաւ։

Իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով, Հայաստան ծափահարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Անոր ի պատիւ դրոշմաթուղթ հրապարակեց։ Միութեան դրօշը 10 օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին վերեւ ծածանելէ ետք՝ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ յաւերժացուց։

Երեւանի վարիչները 100-ամեակի միջ-նախարարական գերատեսչութիւն ստեղծեցին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցներուն անցագիրները անվճար տրամադրեցին եւ, տակաւին, բազմաթիւ այլ դիւրութիւններ ընծայեցին, որովհետեւ գործով ու փորձո՛վ հաստատեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ընդհանրական բարիք մըն է մեր ժողովուրդին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ. փրկութեան լաստ մըն է, դաստիարակութեան եզակի դպրոց մը, ուր մատղաշ տղաքն ու աղջիկները կը սորվին բարձրանալով ուրիշներն ալ իրենց հետ բարձրացնել։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը պատրաստուի բարձրացող ու բարձրացնող հայ մարդը, որ սիրոյ, ներդաշնակութեան, հնազանդութեան, ծառայութեան եւ հաւաքական վերելքի ճամբան կը հարթէ ընկերութեան դիմաց։

Այսպէս, յաջորդական սերունդներ կրթած, ոգեւորած եւ ներշնչած Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր 100-ամեակին արժանացաւ ընդհանուրին գուրգուրանքին եւ հիացմունքին։ Ան հնձեց տասնամեակներու ընթացքին իր ցանածին արդիւնքը, եւ երբ պահը ներկայացաւ, մարդիկ չվարանեցան վկայելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սովորական միութիւն մը չեղաւ։ Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային արժէ՛ք մը եղաւ։ Ան գործեց ըստ կարիքի։ Երբ պէտք եղաւ, ան որբեր խնամեց։ Երբ անհրաժեշտութիւն զգացուեցաւ, ան գաղութներ որբութենէ փրկեց։ Տեղ մը բարոյական առողջ միջավայր ստեղծեց, այլ տեղ այլասերման դէմ պայքարեցաւ, մէկ այլ տեղ համախումբ եւ ներդաշնակ աշխատանքի վարժութիւն փոխանցեց։ Իսկ ամէն տեղ սկաուտութիւնը եւ մարզական շարժումը հայացուց։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր անդամներուն տուաւ ազգային ոգի։ Ան չեղաւ ժամանակի մը, միջավայրի մը կամ գաղութի մը միութիւնը, այլ՝ եղաւ բոլոր ժամանակներու, բոլոր պայմաններու եւ յանո՛ւր հայութեան միութիւնը, որուն առաքելութիւնը ախոյեաններ պատրաստելէ շա՜տ աւելի հեռուները գնաց։

Մարդիկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը գնահատեցին ո՛չ միայն իր անցեալին համար, այլ մանաւա՛նդ իր առողջ, կենսունակ եւ պատուաբեր ներկային համար, որովհետեւ 100-ամեակի տօնակատարութիւնները եկան ցոյց տալու, որ հայ կեանքի ամէնէն տարածուն եւ ամէնէն բազմանդամ այս միութիւնը, կազմակերպական իր մեծ ցանցով, պատմական փորձառութեամբ եւ անսպառ խանդավառութեամբ, այսօր, աւելի քան երբեք, անփոխարինելի տեղ ունի մեր իրականութեան մէջ։ Մեր ժողովուրդը, Հայաստան թէ Սփիւռք, կարիքը ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային ոգիով շահած յաղթանակներուն, որոնցմով նորահաս սերունդներու ազգային նկարագիրը կը դարբնուի, ազգային հպարտութիւնը կը կերտուի եւ հայ մարդը իր անցեալին ու ապագային կը կապուի։

100-ամեակի տօնակատարութիւնները, վերջապէս, եկան հաստատելու, որ մեր ժողովուրդը խոր հաւատք եւ վստահութիւն ունի իր հարազատ զաւակին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որուն դերն ու պարտականութիւնը աւարտած չի նկատեր 100-ամեակի հանգրուանով, ընդհակառակն՝ երկրորդ 100-ամեակի սեմին, նոր ճիգ, նոր ծրագիրներ եւ նոր նուաճումներ կը սպասէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն, որպէսզի ան տեւաբար տէր կանգնի իր նուիրական կոչումին, շարունակէ բարձրանալ, բարձրանալ ու բարձրացնել, հասնիլ եւ հայ ժողովուրդը հասցնել նորանոր բարձունքներու, հո՛ն ուր պիտի ուզէինք տեսնել զայն.
Հզօր, բարօր եւ բարգաւա՛ճ,
Մասիսը ամբողջութեամբ գրկա՛ծ եւ՝
Ժողովրդավար, արդար ու ամբողջակա՛ն Հայաստանի դրօշը ծածանած։

Տարածենք