Թիւ 375 - ԾԱՌԱՅՈՒԹԻ՛ՒՆ
(95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ)

 

Անցնող 95 տարիներուն մագնիսի ուժգնութեամբ բառ մը իրեն քաշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդական սերունդները։ Բառ մը, որ այսօր ալ իրեն կը կապէ միութեան միջին սերունդը, այժմ պատնէշի վրայ եղող տղաքն ու աղջիկները։

Ծառայութիւնն է այդ։

Ծառայութեան մեծ դպրոց մը եղաւ ինքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ուր նորահաս սերունդներու մարմնակրթութեան համար հազարաւորներ եկան ու գիտակից զոհաբերութեամբ տուին ինչ որ ունէին կեանքէն ու անցան։

Կարգը այժմ հասած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական ներկայ սերունդին, երէց սերունդին յաջորդած միջին սերունդին, որպէսզի ան եւս գիտակցի այս ճշմարտութեան եւ կարենայ անձնական մօտեցումներէն բարձրանալ գաղափարական մարդու վայել բարձրութեան՝ դառնալու համար տիպարը կրտսեր սերունդին, որովհետեւ վաղուան սերունդը եթէ այլասերի եւ դասալիք ըլլայ, ինք պատասխանատուութեան բաժին պիտի ունենայ այդ մեղքին մէջ։

Հետեւաբար, միութեան միջին սերունդէն մեր սպասումն է, որ գաղափարական իր համոզումները սակարկութեան նիւթ չդարձնէ։ Ազգային¬միութենական իր արժէքներէն ետդարձ չկատարէ։ Հաւատա՛ ու գործէ՛ ամուր նկարագիրով, ուժգին թափով եւ անսպառ խանդավառութեամբ։ Արդարեւ, խանդավառութիւնն է աղբիւրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման երիտասարդական բոլոր տեսակի շարժումներու։ Խանդավառութիւն, որ հետզհետէ ծաւալ ստանալով՝ կը կազմէ սերունդի մը հաւաքական կամքը՝ իր ընդհանրական հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն իրագործման ճամբուն վրայ։

Եթէ մեր այսօրը վարդագոյն չէ, պէտք չէ յուսահատիլ։ Եթէ անցեալէն ժառանգուած թերութիւններ կամ դժուարութիւններ կան, պայման չէ որ անոնք նոյնը մնան եւ չսրբագրուին։ Այսօրուան սերունդէն կ’ակնկալուի չկրկնել հիներու սխալները, այլ՝ հետեւիլ այն գեղեցիկ գործերուն, որոնցմով մեր կեանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեւ եւ դիմագիծ ստացաւ անցնող 95 տարիներուն։

Ինչ որ կ’ընենք այսօր, իր անդրադարձը կ’ունենայ վաղը։ Ու եթէ կ’ուզենք,¬ անպայմա՛ն կ’ուզենք,¬ որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական գալիք սերունդները ըլլան առաքինի, զոհաբերող, կարգապահ ու հաւատաւոր, նման սերունդներ պատրաստողներուն հաւատքը պէտք չէ ըլլայ զգացական տրամադրութիւններու շարք մը, այլ՝ մտածուած, ծրագրուած եւ լաւապէս հետապնդուած ծրագիր մը, որ նպատակադրէ միութեան հզօրացումը եւ միութենական շարքերուն թիւով ու որակով բարելաւումը։

Սեփական ուժի գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ այսօրուան սերունդը առաջնորդող սկզբունքը։ Աւելի լաւ պատրաստուելու եւ աւելի լաւ գործելու հրամայականը պէտք է ըլլայ օրուան մարտահրաւէրը, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ական խօսքն ու գործը աւելի ազդու ներկայութիւն ըլլան մեր կեանքէն ներս ու աւելի լաւ ծառայեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակին։

Այս հաւատքով կ’ողջունենք միութեան միջին սերունդը եւ անոր յաջողութիւններուն մէջ կը տեսնենք 95¬ամեայ մեր միութեան փայլուն ապագան, իբրեւ գրաւական ընդունելով ծառայելու, անսակա՛րկ ծառայելու, անվե՛րջ ծառայելու անոր պատրաստակամութիւնը։

Տարածենք