Թիւ 361 - ԽՏԱՑՆԵ՛ՆՔ ՇԱՐՔԵՐԸ
(ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Է. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Մարդու մը կազմաւորման ամէնէն կարեւոր շրջանը, անկասկած, պատանեկութիւնն է։ Մանկութենէն նոր դուրս եկած պատանին, երիտասարդութեան տարիքը թեւակոխելէ առաջ, կ’անցընէ չորսէն հինգ տարուան շրջան մը, որ ճակատագրական կնիքով կը դրոշմէ անոր կեանքին ընթացքը։

Այդ շրջանին պատանին կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Ի յայտ կու գան անոր հակումները, ձգտումները, նախասիրութիւնները։ Ձեւ կ’առնեն անոր գաղափարները։ Կը ճշդուի անոր իտէալը։ Ճիշդ այս զգայուն հանգրուանին, հարկ է հոգ տանիլ պատանիին դաստիարակութեան, հսկել անոր զբաղումներուն, ուղղել թերիները, կերտել անոր նկարագիրը, ուղիղ ճամբու դնել անոր քայլերը։

Պատանեկութիւնը պատրաստութեան շրջանն է, երիտասարդութիւնը՝ գործի, արդիւնաբերութեան։ Լաւ արդիւնք ունենալու համար պէտք է լաւ պատրաստել։

Զանազան միութիւններու մէջ պատանին առողջ կերպով կը զարգացնէ իր միտքը, մարմինը եւ հոգին։ Կը թրծուի, կը դաստիարակուի դառնալու համար իր իր կոչումին եւ պարտականութիւններուն լրիւ գիտակցութիւնը ունեցող քաղաքացի, կարող՝ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնելու եւ ղեկավար դիրքեր գրաւելու։

Տարբեր է պարագան մեզի՝ հայերուս համար։ Բազմատեսակ են մեր մտահոգութիւնները, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, ուր մեր առաջնահերթ նպատակը պատանին հայ պահելն է, համաշխարհայնացումի կլանիչ յորձանքին մէջ։

Անշուշտ, անփոխարինելի դեր ունին մեր վարժարանները։ Սակայն, ժողովուրդին ծառայելու համար բաւարար չեն վարժարաններու մէջ ջամբուած ուսումն ու զարգացումը։ Անոնց կողքին անհրաժեշտ է ունենալ հանրային գիծ, հանրային գործերու նուիրուելու պատրաստակամութիւն։

Երբ այս մտահոգութիւնները հրատապ կերպով կը ներկայանան սեղանի վրայ, այն ատեն կը զգանք անհրաժեշտութիւնը սկաուտական շարքերուն, որոնք հայկական վարժարաններու կողքին մէկական դպրոցներ են, ուր սկաուտներ կը պատրաստուին ծառայելու ազգին։

Սկաուտական շարքերու մէջ պատանիներ ամէնէն առաջ կը ստանան քաղաքացիական կրթութիւն, դառնալով նուիրապետութեան մը մէկ օղակը։ Սկաուտներ կը վարժուին հաւաքական կեանքի, կ’ենթարկուին կարգապահութեան, կը սորվին հրահանգներ գործադրել, որպէսզի ապագային իրենց կարգին գիտնան հրամայել։ Հոն կը զարգացնեն համագործակցութեան, ընկերասիրութեան եւ զոհողութեան ոգին, դառնալով սպասարկուները նոյն իտէալին։

Այս բոլորին կողքին, սկաուտներ կը զինուին հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ՝ առաւելագոյն չափով կարենալ ծառայելու համար իրենց պատկանած ժողովուրդին։ Կը սորվին ճանչնալ ու սիրել հայկական արժէքները, կը սորվին գուրգուրալ հայ լեզուին ու մշակոյթին։

Չի բաւեր միայն նուիրեալ մը ըլլալ։ Այդ նուիրումը արժեւորելու եւ գործնական արդիւնքի վերածելու համար, հարկ է անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ունենալ։ Ահա այդ պատրաստութիւնն է որ կու տան սկաուտական շարքերը, որոնց կարիքը շատ ունինք մենք, այսօր եւ վաղը։

Տարածենք