Թիւ 354 - ԴԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
(ՍԱՍՈՒՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ)

 

Օգոստոս 2011էն ի վեր նորութիւն մը կայ հայ մարզական կեանքին մէջ։ Ուշագրա՛ւ նորութիւն մը, որ տակաւին անհրաժեշտ լուսարձակները չէ հրաւիրած իր վրան։ Համահայկական 5րդ մարզախաղերու յայտնութիւնն է այդ՝ Սասունի ֆութպոլի խումբը, որ Երեւան ներկայացաւ 300 համակիրներու պատուիրակութեամբ եւ սեփական դրօշով՝ սպիտակ կտաւի վրայ նարնջագոյն մեծ վահանով, վերեւը պատկերուած Մարութա սարը, ներքեւը՝ Սասուն գրութեան տակ, կապոյտ եւ սպիտակ երիզներու վրայ, յաւերժութեան խորհրդանշանը՝ նարնջագոյն, կապոյտ եւ սպիտակ գոյներով։

Սասունը սովորական շրջան մը չէ, որպէսզի Սասունի ֆութպոլի խումբը ըլլայ սովորական խումբ մը։ Մեր ժողովուրդի պատմական հմայքին ու փառքին օրրաններէն մէկն է ան։ Իր Մեղրագետով, Արածանիով ու Մշոյ դաշտով Սասունը սրբազան գիրերով դրոշմուած է հայ աշխարհի պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ։ Սասնոյ լեռներէն դուրս եկած են ռազմի եւ գեղեցկութեան բոլոր աստուածները։ Կաթնաղբիւրի անոր փրփուրներէն ելած է մեր Քուռկիկ Ջալալին։

Սասունը ազատ ու անկախ տեսնելու տենչը Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներու համար եղած է ու կը մնայ կապոյտ երազ, իրական մորմոք։ Հայ սկաուտին ազգային դաստիարակութեան անսպառ աղբիւրն է Սասունը իր աննման հերոսներով՝ Սասունցի Դաւիթէն մինչեւ Յովնան Խութեցին, Սասունցի Մուշեղէն մինչեւ Կարօ Սասունին։ Հայ մարզիկին յաղթանակի երգն է Սասունը, ցնծութեան քայլերգը, որ կ’երգուի ամէն ուրախ առիթի՝ «Դարձեալ փայլեց Սասնոյ գլխին», «… Գնում էին դէպի Սասուն, օգնելու Անդրանիկին»։

Համահայկական մարզախաղերուն մասնակցութեամբ, սասունցիներ յաղթել-պարտուելէ աւելի՝ Սասունի ոգին սփռեցին ամէնուրեք։ Անոնք գտան հայութեան իրենց երկրորդ կէսը, իսկ հայութիւնը գտաւ իր առաջին կէսը։ Հողի եւ արեան կանչով, ազգը վերագտաւ իր ամբողջութիւնը, բախտաւոր օր մը հայրենիքին ամբողջութիւնն ալ գտնելու յոյսով։

Սասունցիներ օրեր շարունակ ապրեցան անկախ հայրենիքի մէջ ըլլալու քաղցրութիւնը։ Անոնք ջերմ ընդունելութեան արժանացան հայաստանաբնակ իրենց ազգակիցներուն կողմէ։ Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին ու Սարդարապատ այցելութեամբ ոգեւորուեցան, յուզուեցան եւ նոր էջ բացին ոչ միայն հայ մարզական պատմութեան, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի համախմբման եւ միասնութեան համար տարուող ճիգերուն մէջ։

Այսպէս, 2011 տարին մարզական կեանքի ճամբով հայութեան բերաւ կարեւոր նորութիւն մը, որուն պէտք է գուրգուրալ անպայման, որպէսզի Արեւմտահայաստանի հայութեան մասնակցութիւնը համահայկական նման նախաձեռնութիւններու որբ չմնայ, այլ՝ շարունակուի եւ աւելի ընդլայնի, իր շուրջ համախմբելով բռնագրաւեալ հողերու տարածքին ապրող հայու բոլո՛ր բեկորները, ուղի հարթելով անոնց վերադարձին՝
Դէպի հայութիւն, դէպի Հայաստան։

Տարածենք