Թիւ 342 - ՄԵԶԻ ՊԱԿՍՈՂԸ

 

«Մարզիկ»ի ԻԹ. տարուան վերջին թիւին հետ յոռետես ըլլալ չենք ուզեր։ Լաւատես ըլլալու ամէն ճիգ կ’ընենք եւ կը մերժենք ընդունիլ որեւէ հաստատում այն մասին, թէ անդարձ մեկնողներուն տեղը իսկապէս պարապ կը մնայ, կամ եկողները փնտռել կու տան մեկնողները։

Հայ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ կը տեսնենք յայտնութիւնը նոր եւ խոստմնալից ուժերու, բազմակողմանի արժէքներու եւ «ժամանակի շունչով» մեծցած տղոց ու աղջիկներու։

Սակայն, մամլոյ ասպարէզին եւ մարզական մամուլին պարագային յատկապէս, չենք կրնար հաշտուիլ լաւատեսութեան ապահով զգացումի մը հետ։

Մտահոգիչը հայ մարզական հրապարակագրութեան եւ խմբագրական ասպարէզի անմիջական ապագան է՝ ոչ թէ անպայման ուժերու չգոյութեան հետեւանքով, այլ՝ ասպարէզին հանդէպ ամբողջական նուիրումի պատրաստ ուժերու բացակայութեան պատճառով։

Հիմնական տարբերութիւն մը կայ ուժեր ունենալու եւ ուժեր կարենալ ըլլալու իրողութեանց միջեւ։

Երբ կ’ուսումնասիրենք հայ կեանքի զանազան ճակատներու վրայ գոյացած «պարապ»ները, կամ կը քննենք պատճառները հաւաքական կաղացումներու, չենք կրնար անտեսել այն յստակ իրականութիւնը, որ մեզ տագնապի մատնող անձկութիւնները հետեւանք են ո՛չ թէ արժէքներու բացակայութեան, այլ՝ բացառապէս հայկական միջավայրէ անոնց խուսափումին։

Յատկապէս մտային եւ հոգեկան մեծ ջանք պահանջող աշխատանքներու մէջ, մտքի պատրաստութենէն եւ գործերու պարտադրած գիտական կամ թեքնիք կարողութենէն անկախ, ապրումի հարց մը կայ, ապրումով ծառայելու խնդիր մը։

Վերջին տասնամեակներուն, մեծաթիւ երիտասարդներ շրջանաւարտ եղան համալսարանական բարձրագոյն ամպիոններէ, իբրեւ լրագրութեան կամ հայագիտութեան մասնագէտներ։ Բոլորն ալ գիտութեան եւ պաշարի տէր տղաք ու աղջիկներ։ Սակայն փաստը այն է, որ անոնցմէ հազուագիւտները միայն մօտեցան հայ մամուլի փշոտ անդաստանին։

Ի՞նչն է որ զիրենք արդեօք հեռու կը պահէ այս իրականութենէն։

Հաւանաբար՝ ասպարէզի անապահովութիւնը նիւթական իմաստով։ Հայ մամուլը ընդհանրապէս «գործի դաշտ» մը չէ կրցած ըլլալ ու չէ։ Հետեւաբար, տարրական տրամաբանութիւնն իսկ չի տոկար որեւէ ակնկալութեան՝ հայ մարզական հրապարակագրութեան լծուած տեսնելու նոր ուժեր։

Սակայն, կ’արժէ շրջել հարցումին ձեւը ու պատասխան փնտռել հետեւեա՛լ կէտին.-

Ի՞նչն է որ մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը հայ մամուլին կապեց շարքը անդարձ մեկնած մեր խմբագիրներուն եւ հրապարակագիրներուն։ Ի՞նչն է որ այսօր ալ ասպարէզին կը կապէ մատի վրայ համրուող «խենթ»եր։

Ճիշդ չէ այն պատասխանը, թէ «պարագաներու բերմամբ» միայն խմբագրական աշխատանքի սեղաններու ետեւ նստած են մեծ ու փոքր վաստակով դէմքեր։ Ո՛չ ալ ճիշդ է այն տեսակէտը, թէ անոնք օժտուած են նուազ կարելիութիւններով եւ տուեալներով, ու պատրաստ չեն տարբեր, աւելի շահաբեր գործերու նետուելու։

Իրողութիւնը այն է, որ հայ մամուլի այդ «խենթ»երը ունին հանրային ապրումի ազնիւ կիրքը եւ յանդգնութի՛ւնը փարելու գործի մը, որուն մէջ ազգային ծառայութենէ բխող հոգեկան գոհացումի ու անհատական բաւարարութեան զգացումը կայ։

Մեզի պակսողը, այսօր, այդ կիրքն է ու յանդգնութիւնը, քիչ մը ամէ՛ն տեղ, բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։

Տարածենք