Թիւ 332 - ԵՐԱԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ
(ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՄՈՆՏԻԱԼԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Աշխարհը ակնդէտ կը սպասէ 11 Յունիսի ազդանշանին՝ մոնտիալի իր նոր ախոյեանը գիտնալու համար։ Բոլորին հայեացքները ուղղուած են Հարաւային Ափրիկէ, ուր 32 խումբեր Ֆութպոլի պատմութեան նորագոյն էջը պիտի գրեն իրենց կոլերով եւ սխրանքներով։

Կարեւորը այս պարագային յաղթել-պարտուիլը չէ՝ որքան ներկայութիւնը Ֆութպոլի նման մեծ իրադարձութեան։ Ներկայ ըլլալ մեծերու շարքին, ամիս մը ամբողջ լրատուամիջոցներու նիւթ դառնալ, ազգային խումբերու յաղթանակներուն հետ ժողովուրդներու ազգային զգացումները բորբոքել այս արդէն մեծ իրագործում է։ Բոլորի՛ն երազն է։

Չկայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ մարզական այլ իրադարձութիւն մը, որ ամիս մը ամբողջ կլանէ մարդկութեան մեծամասնութեան հետաքրքրութիւնը։ Ողիմպիականները նոյնիսկ չունին այն կախարդանքը, ինչ որ ունին յաջորդական մոնտիալները։ Ֆութպոլի չաստուածները իրենց հմայիչ ելոյթներով ջիղեր կը պրկեն, սիրտեր թունդ-թունդ կը հանեն եւ յաղթանակի գինովութիւնը կու տան մարդոց, որոնք իրենց կեանքին մէջ բերկրանքի համին ծանօթ չեն։

Մոնտիալները կը կազմեն մարդոց հաւաքական յիշողութեան մէկ մասնիկը։ 1960ականներու մոնտիալները շատ բան կ’ըսեն սերունդի մը, որ այսօր ճերմկած մազերով կը հետեւի խաղերուն։ 1970ականներու, 1980ականներու մոնտիալները այլ բաներ կը յիշեցնեն միջին սերունդի ներկայացուցիչներուն։ Մինչդեռ 1990ական եւ 2000ական տարիներու մոնտիալները բոլորովին ուրիշ թելադրանքներ ունին նորերուն։ Սեւ-ճերմակ պատկերասփիւռի կայաններէն մինչեւ գունաւոր եւ մերօրեայ հսկայ պաստառներով սփռուող խաղերը ամբողջ մշակոյթ մը կը ներկայացնեն իրենք իրենց մէջ։ Մշակոյթ մը, որ ամիս մը ամբողջ կ’ենթադրէ սովորականէն տարբեր կեանքի կշռոյթ. անքուն գիշերներ, խմիչքի սեղաններ, տեղի-անտեղի նախատեսութիւններ, վէճ-վիճաբանութիւններ եւ այս բոլորը մէկտեղող մարդկային ջերմ տրամադրութիւններ։

Մոնտիալի Ֆոլքլորն է այս, որուն այնքա՜ն կը սպասեն մարդիկ՝ չորս տարին անգամ մը իրարու «շնորհաւորելու» կամ «մխիթարելու», իրարմով ուրախանալ-տխրելու եւ ամէնէն վերջ՝ միասնաբա՛ր մոնտիալի թագակիրին կենացը խմելու համար։

Տարբեր չի կրնար ըլլալ նաեւ այս մոնտիալի պարագային, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենայ Հարաւային Ափրիկէի մէջ եւ բարենիշ մը կը հանդիսանայ կազմակերպիչ երկրին ու հիւրընկալ ցամաքամասին, որոնք մինչեւ մօտիկ անցեալի թշուառութեան եւ յետամնացութեան իրենց տխուր պատկերները ետին ձգած՝ այսօր աշխարհին կը ներկայանան արդիական բոլորովին նոր դիմագիծով։ Ֆութպոլի հրաշքն է այդ, որ ինքզինք գերազանցելու, յառաջդիմելու եւ մեծերու կողքին արժանաւոր տեղ ունենալու կը մղէ ամէնէն տկար կարծուած ժողովուրդներն իսկ։

Բոլոր մեծերը ներկայ են Հարաւային Ափրիկէի մոնտիալին։ Մեծութեան ճամբուն գտնուողները անոնց շուրջն են, իսկ փոքրերն ու անբախտները՝ իրենց… տուները։ Իսկ ո՞ւր ենք մեր այս բոլորին մէջ։ Ո՞ւր է Հայաստանի դրօշը մոնտիալներուն։ Ինչո՞ւ չի ծածանիր ան զտումի մրցումներէն անդին։ Կար ժամանակ, երբ զտումի մրցումի մասնակցիլն իսկ անկարելի փափաք կը թուէր։ Փափաքը իրականացաւ, սակայն մնաց ու կը մնայ միւսը՝ մեծերու կողքին ճակատումը, հայկական Ֆութպոլի առասպելին կերտումը եւ աշխարհի չորս ծագերուն յաղթական Եռագոյնին փողփողումը իւրաքանչի՛ւր հայու տան, ինքնաշարժին եւ գործատեղիին վերեւ։

Իսկ ասոր արդէն կ’ըսեն հայկական երազ։

Տարածենք