Թիւ 330 - ԱՌԻԹՆԵՐ

 

Մեր առօրեային մէջ, մեզի ներկայացող առիթները եւ զանոնք օգտագործելու արթնութիւնն ու կարողութիւնը մեզ կ’առաջնորդեն յաջողութեան եւ յաղթանակի։

Պէտք չէ մտածել, որ ուրիշներուն ներկայացող առիթները մեզի ալ չեն ներկայանար։ Առիթը կ’այցելէ առողջ ու տրամաբանող ամէն մարդու, բայց երբ զինք դիմաւորողը պատրաստ չի գտներ, խոյս կու տայ ան՝ անմիջապէս ուրիշ մը բախտաւորելու համար։

Կեանքի մէջ առիթներ, բաց լուսամուտներ միշտ կարելի է գտնել, եթէ… տեսնող աչքեր ունենանք։ Յարատեւութիւն, աշխատանք եւ նպատակի հետապնդում անպայման ճամբայ մը կը բանան եւ յաջողութեան վերջալոյսին կը հասցնեն մեզ։

Առիթներ եւ կարելիութիւններ միշտ կան, միայն թէ առանց վարանումի եւ տրտունջի պէտք է ձգտիլ դէպի լաւը, լաւագոյնը եւ կատարեալը, առանց դադարի եւ յուսալքումի պէտք է յարատեւել ու յառաջանալ։

Պէտք չէ սպասել ու ակնկալել, որ մեր կեանքի տեւողութեան առիթներ միշտ ներկայանան մեզի, ճամբու երկայնքին հեռաւորութիւն նշող ցուցատախտակներու նման։

Պէտք չէ անպայման սպասել նաեւ մեծ առիթներ։ Բաւարար է օգտագործել փոքր առիթները եւ ժամանակի ընթացքին զարգացնել զանոնք։

Առիթները կը ներկայանան մեզմէ իւրաքանչիւրին կարողութեան, նպատակին եւ յարատեւութեան համաձայն։

Կեանքը բոլոր մարդոց կ’ընծայէ բաւարար կարելիութիւններ եւ առիթներ՝ զանոնք երջանկացնելու համար։ Ձախողութիւնները սովորաբար հետեւանքը կ’ըլլան մարդոց անճարակութիւններուն, սխալներուն եւ յանցանքներուն։

Ծոյլերուն համար ոսկի առիթները ոչինչ կ’արժեն, մինչդեռ աշխատասէր ու յարատեւող մարդիկ չնչին առիթներն իսկ ոսկիի կը վերածեն։

Կ’արժէ նայիլ մեր շուրջ, անմիջապէս հաստատելու համար, որ մեր շուրջի համեստ արհեստաւորէն մինչեւ ծանր ճարտարարուեստի մեծանուն տէրերը եղած են իրենց ներկայացող առիթները լաւագոյնս օգտագործողները։ Մարդիկ, որոնք նախան‎ձելի դիրքերու հասած են, օգտակար դառնալով իրենց ընտանիքին, շրջապատին, միութեան եւ հայրենիքին։

Ներկայացող առիթներէն օգտուելու յարմարագոյն տարիքը պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանն է։

Ուսումը շարունակելու եւ տեղ մը հասնելու առի՞թը կայ, պէտք չէ փախցնել զայն։ Նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները անյաղթահարելի՞ են, պէտք չէ յուսահատիլ բնաւ։ Կամքն ու յարատեւութիւնը կը յաղթահարեն բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։

Յարմար առի՞թ մը ներկայացած է գործի մէջ աւելի զարգանալու եւ յառաջդիմելու, պէտք չէ արհամարհել զայն։ Յոգնութենէն եւ աշխատանքէն պէտք չէ վախնալ։ Կեանքի նպատակը պէտք է ըլլայ մի՛շտ յառաջանալ եւ ներկայացող իւրաքանչիւր առիթ օգտագործել։

Ներկայացող առիթները աշխատանքի կը մղեն մեզ։ Անոնք որոնք դժուար, երկար եւ յարատեւ աշխատանքէ կը խուսափին, յաջողութիւն եւ նպատակի իրագործում պէտք չէ ակնկալեն։

Առիթներ «որսալ»ը եւ օգտագործելը նուրբ արուեստ է։ Պէտք չէ ափսոսալ կորսուած առիթներու համար։ Պարզապէս պէտք է օգտուիլ գիտնալ ներկայացող նոր առիթներէն։

Պէտք է դիտել սորվիլ։ Այն բոլոր առիթները, որոնք կեանքի ընթացքին կը ներկայանան մեզի, անպայման նոր սկզբնաւորութեան եւ յաջողութեան ճամբայ մը կը բանան մեր դիմաց։

Վերջապէս, առիթները պէտք է փնտռել մե՛ր եւ ոչ թէ մեր անմիջական շրջապատին մէջ։

Տարածենք