Թիւ 308 - ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր…

 

Կեանքը շարժում է։ Ոչ՝ մեքենական, բռնազբօսիկ, այլ՝ ինքնաբո՛ւխ։ Անով կը սնանի, կը մեծնայ մարդը։ Անշարժութեամբ մահը կը դառնայ բռնապետ իշխան։

Շարժում է նաեւ բարոյական կեանքը։ Մարդու մը բարոյական կեանքը կրնայ շարժիլ հակոտնեայ երկու ուղղութեամբ։ Դէպի վար՝ եսամոլութեան, շահախնդրութեան, անբարոյութեան մղումներով, եւ դէպի վեր՝ զոհաբերութեան, պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան սկզբունքներով։ Ամէն մարդու մէջ գոյութիւն ունին իրերամերժ այս տրամադրութիւնները՝ դէպի վսեմն ու դէպի գռեհիկը, դէպի կատարն ու խորխորատը։ Ամէն մարդու կուրծքին տակ թաքնուած է չարագործ մը եւ բարեգործ մը։ Եւ իւրաքանչիւր մարդու ազատ ընտրութենէն կախեալ է մէկուն կամ միւսին յաղթանակը։ Մէկը կամ միւսը պէտք է մեռնի, որպէսզի իշխէ երկրորդը։ Այդ կռիւը մղելու համար կþապրինք։ Այդ կռիւին մէջ յաղթանակ տանելու համար կ’արժէ՛ որ ապրինք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90-ամեակին առիթով, երբ քանիերորդ անգամ ըլլալով կը վերընթերցենք միութեան սկաուտական դաւանանքը, գոհունակութեամբ կը նկատենք, որ անոնք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, Հ.Մ.Ը.Մ.ականները առհասարակ, որոշած են ընտրել բարեգործը, մերժե՛լ չարագործը. բարձրանալ ամէն գնով, ու երբեք՝ խրիլ։

Դաւանանքը կը բաղկանայ 12 կէտէ։ Իւրաքանչիւր կէտ ինքնին մեծ արժէք ունի։ Ան կը կազմէ նկարագիրի բնորոշ մէկ գիծը բարեգործին, որ պիտի ապրի։ Իւրաքանչիւր կէտ ծանր հարուած մը կու տայ չարագործին ստորին ունակութիւններուն։

12 ոսկեղէն աստիճաններով վերելք մըն է դաւանանքը, հարուստ՝ ներքին մաքառումներով։ Իւրաքանչիւր աստիճան կը պահանջէ նոր զոհողութիւն, նոր ու յաւելեալ ճիգ։

Այսպէս, դժուար ու ցից վերելք մըն է կեանքը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը տքնի, պիտի՛ տքնի ամէն օր ու ամէն ժամ, որպէսզի կարողանայ բարձրանալ։ Այն ժամուն, որ ան չի բարձրանար, կրնայ ուղղուիլ դէպի գահավիժում։ Բայց գաղափարականի փայլուն աստղը զայն կը հրաւիրէ, կը քաշէ դէպի վեր։ Թոյլ չի տար սահելու, սայթաքելու։ Դաւանանքի կատարէն կը ժպտի կատարեալ Մարդը, որուն պէտք է հասնի Հ.Մ.Ը.Մ.ականը՝ ապրելով զգացումով, խօսքով ու գործով մաքուր կեանք մը։ Պէտք է բարձրանայ ան մինչեւ կատարեալ հաւատարմութիւն Աստուծոյ եւ հայրենիքի։

Անգամ մը որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին մէջ արմատանայ Աստուծոյ եւ հայրենիքին հաւատարմութիւնը, անոր կեանքը կ’ըլլայ հասուն պտուղներով զարդարուած ծառ մը, կեանքը տիպար մարդուն, տիպար՝ հարազատ, զտարիւն հայուն։

Այսօր, տիպար մարդու, տիպար հայու օրինակները վտանգուած են։ Ենթակայ՝ կորսուելու եւ այլասերելու։ Անոր կը սպառնան շրջապատի աննպաստ պայմանները՝ համաշխարհայնացումի յորձանք, նիւթապաշտ եւ մեքենականացած առօրեայ, շահախնդիր ու անձնակեդրոն կեանք եւ այլն։ Նոր սերունդին մօտ, որոնք վաղուան մեր յոյսն են, հետզհետէ աւելի արմատ կը նետեն հայութեան խորթ մոլութիւնները։ Օրէ օր կը խաթարուի հայուն իսկական նկարագիրը, ինքնութի՛ւնը։ Ոչ դանդաղօրէն, սրընթաց արագութեամբ մը տեղի կու տան մարդկային արժէքներն ու տոհմիկ բարքերը, որոնց դիմաց ի յայտ կու գան ախտավարակ մօտեցումները Եսին, Նիւթին, Կեղծիքին- երեք գլխաւոր թշնամիները բարձրացումին։

Ինչո՞ւ այս տխուր պատկերը, պարզապէս որովհետեւ անիկա բնական հետեւանքն է հիմնական պակասի մը։ Կը պակսի՛ գաղափարականը, որ միշտ պէտք է շողայ մեր առջեւ եւ տեւաբար հրամայէ՝

- Բարձրացի՛ր։

Տարածենք