Թիւ 276 - ՅԱՂԹԵԼՈՒ ՎՃԻՌԸ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 7-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Յաղթանակի իր տեսակաւոր դափնիներուն վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ. հատ մը եւս աւելցուց այս ամառ, երբ 24-31 Օգոստոս 2005-ին, Աթէնքի մէջ իրականացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 7-րդ մարզախաղերը։

Ութ օրեր Հ.Մ.Ը.Մ. լեցուց յունահայութեան կեանքը եւ բաց երկինքի տակ ազգային տօնախմբութեան մը բացառիկ վայելքը պարգեւեց։

Ութ օրեր միայն։ Խաղերն ու անոնց ընկերացող ձեռնարկները ամփոփուեցան այդքան ժամանակամիջոցի մէջ, եւ սակայն անոնց կազմակերպումը, անհաշուելի դժուարութիւններու յաղթահարումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաւատաւոր սերունդէն խլեց ամիսներու ճիգ ու աշխատանք։

Յունահայութեան հետ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հոգիի աչքերով ապրեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս մեծ հարսանիքին ուրախութիւնը, որուն ներկայ եղան 12 երկիրներէ աւելի քան 200 մարզիկ-մարզիկուհիներ, բոլո՛րը գաղափարի նոյն դրօշին սպասարկու տղաք ու աղջիկներ, հայեցի նոյն արժէքներով մեծցած։ Բոլորը միասին կազմած պատկառելի ամբողջութիւն մը, հսկայ բանակ մը, իբրեւ երիտասարդական ոգեւորութեան եւ ազգային հպարտութեան աղբիւր։

Հո՛ն, Ողիմպոսի երկրին մէջ, հայ ժողովուրդի աչքին ու սրտին դիմաց, ութ օրեր շարունակ մկաններու եւ ջիղերու հետ հոգիներ պրկուեցան, խանդավառութեան ալիքներ բարձրացան եւ հայ մարդոց փոխանցուեցաւ ներշնչումի եւ ինքնավստահութեան տաք շունչը։

Այսպէս, Նաւասարդեան տօնահանդէսներու փառքի օրերը յիշեցնող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը, իբրեւ կազմակերպում, արտայայտեցին հայ ժողովուրդին յաղթելու վճիռը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներու խոյանքէն տարուած, մեր ժողովուրդը իր ուժին, իր յոյսին պարծանքը տեսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եւ քիչ մը աւելի գօտեպնդուեցաւ անոր շունչով եւ ոգիով, կենսագործուած՝ իր «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով։

Հաւատարիմ այս նշանաբանին, արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր, հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ, միջ-մասնաճիւղային թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու դրօշին տակ, պայքարներուն ամէնէն ազնիւը կը մղեն յանուն ուժին, վսեմին եւ գեղեցկութեան։ Բարոյականը միացուցած ֆիզիքական կրթութեան, ազգայինը՝ համամարդկայինին։

Այս խոյանքը, այս շքեղ բարձրացումը անհատական տեսակէտէն խորապէս գնահատելի արժանիք մըն է։ Բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ը շատ աւելին ըրած է, քան առանձին անհատներու պատրաստութիւնը, իբրեւ փայլուն մարզիկ, իբրեւ մաքուր նկարագիրի տէր անձ։ «Բարձրացիր»ը նախապայմանն է ի հարկէ գեղեցիկ որեւէ գործի եւ սակայն անբաւարար՝ այդ գործը կատարեալ արդիւնքի հասցնելու համար։ Մարդ կրնայ անձնապէս ինքզինք կատարելագործել եւ տիրանալ առողջ մտքի՝ առողջ մարմնի մը մէջ։

Դժուարագոյնը «Բարձրացուր»ն է միշտ, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Թեւերուդ սլացքը ծանրաբեռնել զանգուածներու բեռով եւ քեզի հետ վեր քաշել նաեւ տկարները, կարիքաւորները, ահա՛ բուն սխրագործութիւնը։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը իրենց ձգած տպաւորութեամբ ա՛յս թելադրեցին հայ աշխարհին եւ եկան հաստատելու, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր ձեռնարկ համազգային ապրումի, կորովի, յաղթանակի ապահով երաշխիքներ կը բերէ մեզի, այնքան ատեն որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ծնունդ տուող մեր ժողովուրդը կը պահէ իր անխաթար դիմագիծը, ու այնքան ատեն որ մեր երազին, սրբութիւններուն եւ աւանդութիւններուն ոգեղէն ժառանգութեամբ կը մեծնան Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդները։

Տարածենք